/Նուէր Սրբուհի
Համաստեղին/
Մի հարցնէք ի՞նչ
է, ո՞ւր է,
Ո՞ւրկէ կուգայ
Հայու ոգին:
Ինչպէս արևն
է հուրհրան,
Ինչպէս կանանչն
է դաշտերուն,
Ա՜յ ճիշդ այդպէս,
ամէն տեղ է
Հայու ոգին:
Մեր հովերուն,
մեր լեռներուն
Մեր դաշտերուն
հոսող առւի
Կանչին հետն
է
Հայու ոգին:
Մեր դաշտերու
հովը որ կայ, մեղեդի՛
է.
Մեր ձայնաւոր
աղբիւրները,
ըսես՝ սաղմոս
ու շարական:
Երդիքներէն,
բուրրվառ ու
վառ թոնիրներէն
Ջերմ աղօթքի
ու խունկի պէս
դէպի երկինք՝
Կապոյտ ծուխն
է
Հայու ոգին:
Մի հարցնէք, ուրկէ՞
կուգայ, կամ ո՞ր
ճամբով:
Եկած է ան՝ Հայկէն
կարշնեղ, կապարճն
ուսին,
Գեղապատշաճ:
Եկած է ան՝ թըլոր
Դաւթի թուր կէծէկէն,
Մեր հեթանո՛ս
նախնիներէն,
Բագիններու
բոց կրակէն եկած
է մեզ,
Հայու ոգին:
Ան եկած է կռւի
ճակատ մեր դաշտերէն:
Բիւր նիզակներ,
նետ ու վահան
երկաթակուռ.
ևև
Սաղաւարտեայ
այր ու ձիեր, գրոհ,
արի՛ւն:
Էդ արիւնի, ու
արցունքի ճամբաներէն
եկած է մեզ
Հայու ոգին:
Ան եկած է Աւարայրի
մեր յաղթական
պարտութենէն,
Շէն Անիի հազար
ու մի գմբէթներէն,
Ու հազար մի զանգակներու
ղօղանջներէն:
Մեր հողերուն
նետւած բեղուն
Սերմերուն պէս
ապրող սիրտն
է
Հայու ոգին:
Ան մեզ կու գայ
մեր վանքերու
քարո՛ւտ ճամբով,
Ժամ-վարժարան
բանուկ ճամբով:
Մեր պապերու
ոսկորրներէն,
գերեզմանի տխուր
ճամբով:
Արևին հետ ան
վար կ'իջնէ, մեր
արտերուն, մեր
սրտերուն,
Ու վեհափառ Արարատի
անե՛լ, անյայտ
ճամբով կու գայ
Հայու ոգին:
Հայու ոգին կա՛նչն
է սիրոյ աղջիկներուն
և թէ տղոց.
Պապկէ՛ պսակ,
պակկէ՛ նարօտ
հարսնիքներուն:
Ե՛րգն է ուրախ,
տափ ու ծնծղայ,
արծա՛թ ծիծաղ,
Աղջիկներու
պա՛ր հեզանազ:
Հայ մայրերու
գութ ու բարի,
ու միւռոնով
լեցուն սրուակ
Աչքերէ՛ն է որ
կը կաթի
Հայու ոգին:
Մեր պապերու
հնադարեան դպրութիւնն
է ու հին լեզուն:
Ձմեռ բուքին,
Նարեկացու վանքի
խուցի ճրա՛գն
է ան:
Մագաղաթէ հին,
հին մատեան տաղարանի
Ու Մեսրոպի գերեզմանին
ու երազին
Այբենդիմն է
Հայու ոգին:
Մեր լեզուն է
արևավառ որ թէ՛
մարմին, թէ՛ հոգի
է.
Կը բաշխւի որպէս
նշխարհ, որպէս
հաղորդ ու նկանակ:
Կը բաշխւի որպէս
մարմին, որպէս
գինի,
Գինի ու մաս՝
Հայու ոգին:
Այդ ոգին է որ
կը գաղթէ, կ'ելլէ
ճամբայ
Մեր երկնքէն
ու մեր հողէն,
ու կը գտնէ
Ուր Հա՛յ մը կայ
ու անոր հետ զրոյց
կ'ընէ:
Ան կը ժպտի, ան
կը տխրի, ու անոր
հետ արցո՛ւնք
կուլայ:
Ու կը հսկէ որ
ոչ մէկ Հայ չըլլա՛յ
շեղի էն լոյս
ճամբէն:
Մեր հոգիի էն
լո՛յս ճամբէն,
որ մեր հողին
Ու երկնքին մեզ
կը տանի
Հայու ոգին:
Ինչ ալ ըսենք,
բայց դեռ քիչ
է,
Ի՞նչն է իրաւ
հայու ոգին:
Եթէ նայիք ձեր
հոգւոյն մէջ,
Պիտի գտնէք մեր
պապերէն բազմութին
մը.
Պիտի գտնէք սաղաւարտեայ
բանակ մը հին.
Պիտի գտնէք իմաստութիւնն
ու ճրագը մեր
վանքերուն:
Ձեր հոգւոյն
մէջ պիտի գտնէք
Ձեր լեռներուն
ու ժայռերուն
մէջ թաքնւած,
Արձագանգի պէս
թաքնւած,
Հայու ոգին: