ԳԵՂՕՆ ՍՕՍԵԱՑ ԱՆՏԱՌԻՆ

Հայոց երկրին մէջ միշտ կ՛ապրին
Մեծ սօսիներն արմէնաւանդ...
Եւ լռության ու ըստուերին
Մէջտեղ անոնց, անարգաւանդ
Օրէ մը ետք քերթողն երբ խանդ
Ու ներշնչում խնդրել կուգայ,
Խըռովայոյզ ճիւղերն աստ անդ
Կը փսփըսան “դո՞ւն ես, արքա՛յ...”։
Կ՛անցնին անվերջ օրն ու տարին
Խստահալած... ։ Դաշտ, դարեւանդ
Եւ լեռներուն ալ կատարին
Ձիւնը փայլուն զերդ ադամանդ
Կը կըրեն հետքն անոնց հիւանդ
Ծա՜նըր քայլին... Մինչ հոս ՝ հսկայ
Ծառերն, յոյսով միշտ անվըկանդ ,
Կը փսփըսան “Դո՞ւն ես, արքա՛յ...”։
Սեւ աղէտի մը նախօրին ՝
Անտառն յուզուած է մանաւանդ
Եւ տխրութեամբ սօսիք կ՛օրրին.
... Օ՛հ թշնամւոյն ըստուերը Ժանդ.
Տուներ, գիւղե՛րը քարուքանդ...
Բայց մինչ թաւուտքը կը սգայ,
Ահա՛ ձայներ անհընազանդ
Կը փսփըսան “դո՞ւն ես, արքայ...”։