ԱՀԱՎՈՐ ԲԱՆ ՄԸ ԱՅՆՏԵՂ...

Ահավոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ...
ԴըԺոխային այս տըռամն ի՞նչպէս կրնայ պատմըւիլ...
Ազգ մը ամբողջ, խորհեցէ՛ք, երէկ կ՛ապրէր, կ՛ոգորէր,
Միտքը լոյսին կը բանար եւ տակաւ սիրտն ալ յոյսին,
Կը բարձրանար ճահիճէն ուր խըրած էր ատենօք,
Թեւերն արդէն կը թօթուէր, ինքզինք արդէն եթերին,
Ամպերուն մէջ կը կարծէր... եւ ահա՛ ճիշտ այդ պահուն
Ոսոխ աստուած մը անշուշտ՝ որ դարանած կը դիտէր՝
Անոր վըրայ արձակեց ամբողջ չարիքն աշխարհի,
Ոտքի հանեց բովանդակ Հըրէշութիւնը ի քուն ՝
Մեծ օձերու, վագրերու, շաքալներու դէմքերով,
Փաթթըւեցաւ ոտքերուն, խածատեց կուրծքն ու հասաւ
Անոր վիզին, աչքերուն, եւ իր Ժանիքը մըխեց
Ճիշտ ուղեղին մէջ անոր ՝ զոր արիւնին հետ ահա՛
Ան կը լըզէ հեշտագին, ան կը ծըծէ՜ ըզգըլխած...
Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ.
Կ՛սպաննեն ազգ մը այնտեղ որ կեանք ունէր եւ շընորհ,
Ունէր հանճարն ապրելու, նորոգելու ալ ինքզինք,
Գեղեցկացած էր տակաւ ու թարմացած, ա՛հ ո՜րքան,
Եւ այդ ազգը մերինն էր, եւ կ՛սպաննե՜ն զայն հիմա,
Զայն կ՛սպաննեն... Օգնութի՛ւն, ա՜հ, օգնութի՜ւն,
օգնութի՜ւն...
1916