ՎԱՅՐԻ ԾԱՂԻԿ

Վայրի ծաղիկ, բայց ինչպէ՞ս
Արեւն ու ծովն ալ վըրադ
Դողացեր են ու ըզքեզ՝
Մայրիկիդ հետ խանդակաթ
Գգուանքներով են ծածկեր
Վայրի ծաղիկ. բայց որքան
Թափեր է լոյս երազներ
Աչքերուդ մէջ լուսընկան
Երբոր գիւղիդ երկինքէն
Քեզ կը դիտէր հիացմամբ
Օրօրոցիդ մէջ՝ արդէն
Էիր լուսնակ մը անամպ...։
Վայրի ծաղիկ, քեզ այսօր,
Շըքեղ վարդէ մ՛ավելի,
Տենչով մը նոր ու հըզօր
Քաղել, շնչել ուզեցի...։