ԵՐԱԶ

Արու եւ էգ նախ մարդիկը
երկու մասի կը բաժնես
Արուները կը նետես
Լոկ էգերը կը մնան

Երիտասարդ կամ ծեր- զանոնք ալ
խումբերու կը բաժնես
ու ծերերը կը նետես

Մնացածներն ալ գեղեցիկ թէ տգեղ
կ'ընտրես- անոնք որ տգեղ չեն
կը պահես

Գեղեցիկին ալ գեղեցիկը կը զատես
-Ի՞նչ տեսնես
այնքան տարուան կինդ չելլէ՞ քու դէմդ: