Աղօրիք

Է՜յ աղօրիք, դարձի՛ր, դարձի՛ր,
Նստած կանանչ խորը ձորին.
Աղաղակէ՛ երգըդ խորին
Դէպի լուսնակն արծաթածիր։

Դուն դողդոջուն տընակ մըն ես
Ալիւրոտած պատերով ՝ ուր
Կարծես կու լան հիազարհուր,
Ջըրանոյշներ հագած բեհեզ։

Միշտ կը հսկէ մէջըդ արթուն
Աղօրեպանը ճեփճերմակ.
Եւ ըստ պէտքի ՝ մեղմ կամ արագ,
կը լարէ սի՛րտըդ բաբախուն։

Է՜յ աղօրիք, բանտուած մրրիկ
Ծառերուն մէջ . աղա՛, աղա՛,
Փըրփուր խըմէ՛ , ալիւր տեղա՛.
Քարէ կուրծքէդ տեղա՛ բարիք։

Կեցո՛ւր գետակն ընթացքին մէջ
Իր ծըփանուտ բաշէն բռնած։
Ջրվէժն ահեղ երգի փոխած
Պոռթկայ վիհէն վար գահավէժ։

Սայլե՜ր, սայլե՜ր անծայրածիր
Ջաղացքներուն ճերմակ ճամբէն
Աղօնն իրենց քեզ կը բերեն…
Է՜յ աղօրիք, դարձի՛ր, դարձի՛ր։

Ցորեններ թող ալիւր ըլլան
Պորտին մէջ ժիր երկաններուն ՝
Որոնք բռնուած տենդով մ ՚անհուն
Կը մըռըլտան ու հիռ կու գան։

Ցորեններ թող ըլլան փոշի
Զիրար գրկող քարերուն տակ.
Զիրար կրծող ժայռերուն տակ
Ցորեններ թող ըլլան նաշիհ։

Մինչեւ լեցուին շարան շարան
Պարկերն, ու վե՛ր կանգնին նորէն.
Եւ սայլերն ալ ճռուողելէն
Ոսկին թողած ՝ լոյսով դառնան։